HADBC ©

Shoushi Summer Camp

Supporters

Սիրելիներ,

բոլորդ՝ որ նշուած էք ներքեւի այլազան բաժիններուն մէջ,

 

Տարիներու ընթացքին,  շնորհակալութեամբ եւ յուզումով ստացանք ձեր  ինքնակամ, սրտաբուխ եւ առատաձեռն  նուիրատուութիւններըՇուշիի մեր «Արամ Մանուկեան» 

Ճամբարին համար:

  

Խորապէս եւ մշտապէս կը գնահատենք ձեր հարազատ զօրակցութիւնն ու մասնակցութիւնը մեր այս յատուկ Առաքելութեան:

 

Եթէ չըլլային ձեր նման զօրակիցներ, դժուար պիտի ըլլար որ կարենայինք շարունակել այս ծանր գործը, եւ ամէն պարագայի՝ պիտի չկարենայինք զայն ընդլայնել ու ծաւալել այժմու ծայրագոյն տարողութեամբ: Ընդգծենք այստեղ թէ ո՛չ մէկ երեխայ կը մերժուի այս Ճամբարէն, եւ թէ անոր վերաբերող մթերքը, ապրանքները, սնունդը եւ ծառայութիւնը՝ լաւագոյն ու բարձրագոյն մակարդի են միշտ:

 

Սակայն նիւթական նշանակալից եւ օգտաշատ աջակցութենէն անդին, ձեր նուիրատուութիւնը մեզի կը մատուցանէ նաեւ յաւելեալ կորով, յաւելեալ խանդ եւ բարոյական ուժ, եւ մանաւանդ այն գիտակցութեան ամրապնդումը՝ թէ մենք մինակ չենք հայութեան ու մարդկութեան այս ծայրամասին մէջ, ուր յատկապէս դժնդակ է կացութիւնը, եւ ուր կը ջանանք պարզապէս օգտակար ըլլալ, բան մը փոխել, բարելաւել:

 

Դուք բոլորդ իրօք մեր հետ էք, մեր կողքին եւ մեր թիկունքին էք այնտեղ: Եւ ամէն առիթով մենք կը նշենք այդ՝ Ճամբարի երեխաներուն, օժանդակներուն, անձնակազմին, հայթայթողներուն, այցելուներուն եւ ընդհանրապէս համայն Շուշիի բնակչութեան: Ձեզի բոլորը ծանօթ են, այնտեղ...

 

Ի մասնաւորի Արցախի աննման երեխաներու անունով,

անգամ մը եւս՝  շնորհակալութիւն,

 

 եւ Փառք Աստուծոյ:

  

Այտա եւ Հայդուկ