HADBC ©

Shoushi Summer Camp

Ներկայացում

Շուշիի «Արամ Մանուկեան» Ճամբարը՝ երբ անուրջները կը դառնան կամուրջներ


2004 թուին, Հայդուկ եւ Այտա Շամլեաններ, իրենց զաւակներով՝ Տեսիլ (այն ժամանակ 10 տարեկան) եւ Պատրոյգ (4 տարեկան), Մայր Հայրենիքի ընդհանուր եւ երկարատեւ այցելութեան մը ընթացքին, երեք օրով կ'անցնին Արցախէն:


Իրենց կեանքերուն համար այս անկիւնադարձային ճամբորդութեան ընդմէջէն, վերադարձին, իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ իւրայատուկ հետք մը կը թողէ, մնայուն տեղ մը կը գրաւէ, կը յափշտակէ, Շուշին...


Այդ առաջին ու կարճ այցելութեան ընթացքին, Այտան խորապէս ազդուած է Շուշիի երեխաներու կացութեամբ: Քաղաքի համայն բնակչութիւնը կեանքի առօրեայ պայքարի մէջ է, այլազան ու ծանր դժուարութիւններու մէջ է, սակայն երեխաներու պարագան յատուկ մտահոգութիւն ու ցաւ կը պատճառէ: Նաեւ, անոնցմէ կախեալ է Շուշիի գոյատեւումը, իսկական վերակերտումն ու վերականգնումը... Արդարեւ, երեխաներէն կախեալ է ամէն բան...


Հայդուկը եւ Այտան ծնած են Լիբանան, եւ պատանի տարիքէն իրենց ընտանիքներուն հետ տեղափոխուած եւ բնակութիւն հաստատած են Գանատա: Այնտեղ ծանօթացած են իրարու – Արցախեան Շարժումի վերաբերեալ հաւաքներու եւ ցոյցերու առիթով... -, ամուսնացած, եւ ունեցած իրենց վերոյիշեալ երկու զաւակները:


Հայդուկը ասպարէզով իրաւաբան է: Ան նաեւ հրապարակագիր է եւ հրատարակած է չորս գիրքեր, որոնցմէ երեքը հայերէն բանաստեղծութիւններու հատորներ են – որոնց երկուքը հրատարակուեցան Արցախի հողի վրայ - :  Այտան կենսաբան է, ու գիտական պրպտող՝ ուղեղի բնագաւառին մէջ: Ան նաեւ կը զբաղուի նկարչութեամբ եւ գեղարուեստական կերպարուեստով:  Երկուքն ալ իրենց պատանի կրտսեր տարիքէն ի վեր տեւապէս աշխուժ են Սփիւռքի հայ գաղութներու միութենական այլազան գործունէութեանց մէջ:  Տեսիլն ու Պատրոյգը տան մէջ ի ծնէ ստացած են ազգասիրական եւ հայրենասիրական հայեցի զուտ դաստիարակութիւն: Յաճախած են հայկական դպրոց, այլ լեզուներու կողքին անթերի կերպով կը խօսին, կը գրեն ու կը կարդան հայերէն, լաւատեղեակ են Հայոց Պատմութեան եւ հայ ազգի արդի խնդիրներուն, եւ գործօն անդամներ են սփիւռքեան հայ միութիւններու:


2004-ի այդ առաջին հպանցիկ շփումէն ետք, այս ընտանիքին համար անհրաժեշտ էր, այլեւս կենսական էր վերադառնալ Շուշի: Բայց այս անգամ ոչ որպէս այցելու...


«Պարտական կը զգայինք, պատասխանատու կը զգայինք Շուշիի հանդէպ... Պէ՛տք է որ վերադառնայինք այդտեղ, եւ վերադառնայինք աշխատելու համար, ծառայելու համար, մի փոքր մեր բաժինը բերելու համար այդ աննման քաղաքի աննման բնակչութեան ճիգերուն, պայքարին ու ջանքերուն», կը յիշէ Այտա, տակաւին առաջին օրուայ նոյն խանդով եւ զգացումներով:


Եւ իրօք վերադարձան... Յաջորդող տարին, Այտայի մտայղացած, պատրաստած ու կազմակերպած երեխաներու Ճամբարի ծրագիրը գործադրուեցաւ Շուշիի Համալսարանի (այն ժամանակ դեռ լքուած ու կիսաքանդ) շէնքի մէկ դասարանին մէջ, երկու շաբաթ անընդհատ տեւողութեամբ, 39 երեխաներու մասնակցութեամբ: Անոնցմէ ոմանք Հայդուկն ու Այտան քանդուած քաղաքին մէջ շրջելով գտան, ու ձեռքերնէն բռնելով, անսահման յուզումով, գուրգուրանքով եւ հոգածութեամբ, հրաւիրեցին դասարան: Մնացեալները յաջորդող օրերուն խումբ-խումբ ներկայացան, մաքուր հագուած, կոկիկ, լուացուած ու սանտրուած, եւ կենսայորդ աչուկներով ու ճառագայթող ժպիտներով գրաւեցին իրենց տեղերը Ճամբարին եւ անոր հեղինակներու սրտերուն մէջ: Եւ այսպէսով ծայր տուաւ իրականութիւն դարձած հոյակապ երազը:


Ատկէ ի վեր, շարունակաբար, ամէն տարի,  Շուշիի մէջ տեղի կ'ունենայ Այտայի եւ Հայդուկի ամառնային «Արամ Մանուկեան» Ճամբարը, անոնց ուղղակի աշխատանքով եւ գործադրութեամբ:  Մասնակից երեխաներու թիւը հետզհետէ աճեցաւ ու հասաւ... 485-ի:  Մասնակիցներու թիւի սահմանափակման միակ պատճառը տնտեսական եւ գործնական հնարաւորութիւններն են:


Հայդուկի, Այտայի, Տեսիլի եւ Պատրոյգի բացատրութիւններուն ընդմէջէն, կարելի է ամփոփ կերպով հաստատել թէ «Արամ Մանուկեան» Ճամբարը հիմնուած է հետեւեալ սկզբունքներու, նպատակներու, մղումներու, նկատողութիւններու, գաղափարներու եւ միտումներու վրայ՝


-  Գետնի ու մայր հողի վրայ կանոնաւոր ներկայութեամբ, լուրջ ճիգերով ու աշխատանքով, իրականութիւն դարձնել ու հաստատել «Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Պետութիւն» էական ըմբռնողութիւնը, հարազատ ու մնայուն կամուրջներ սարքելով, պահպանելով եւ ամրապնդելով հայութիւնը կազմող Սփիւռքի եւ հայրենաբնակ անքակտելի հատուածներուն միջեւ:


-  Քաղաքացիական պարտաւորութեան, հասարակական անվերապահ զօրաշարժի ու համահայկական ահազանգի, ճգնաժամի՛ հասկացողութեամբ՝ էապէս տրամադրուիլ ու գործնականօրէն ծառայել Հայ Դատին, եւ անոր այժմու առաջին դիրք, առաջին գիծ ու հրատապ ճակատ հանդիսացող՝ Արցախի Հիմնախնդրին:


-  Աշխատանքով եւ բառացիօրէն քրտինքով ապացուցել թէ հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը դատարկ խօսքեր չեն, հեռաւոր ճառախօսութիւն եւ կարգախօսեր չեն, այլ գոյութեան նպատակ, կեանքի իմաստ ու պատճառ, ամբողջական յանձնառութիւն եւ նուիրում, եւ այդ ալ՝ մանաւանդ յարատեւութեամբ:


-  Նուազագոյն ճանաչում եւ երախտագիտութիւն յայտնել հայոց նահատակներու նկատմամբ, որոնց ծայրագոյն զոհաբերման շնորհիւ ազատագրուած են Արցախն ու Շուշին, եւ ջանալ արժանի ըլլալ անոնց վեհագոյն նուիրումին, արժեւորել անոնց գերմարդկային իրագործումը, իմաստաւորել անոնց նահատակութիւնը, եւ շարունակել, լրացնել այն ինչ որ իրենք սկսան:


-  Զօրակցիլ Հայրենիքի բնակչութեան, եւ յատկապէս աջակցիլ Արցախի եւ Շուշիի բնակիչներուն, տարրական եւ նուազագոյն չափով նպաստելով անոնց կեանքերու բարելաւման, եւ այս ճամբով մասնակցիլ համայն հայութեան այժմու Հայրենիքը հանդիսացող հրաշալի երկրի վերակերտման ու վերականգնումին:


-  Նոր սերունդներու մօտ արծարծել ու վառ պահել հայեցի հիմնական, աւանդական, նախնական ու ազնիւ արժէքները, հայու մշակութային, բարոյական, հոգեւորական, ազգային ու մարդկային հարազատ ինքնութեան ամբողջական վերահաստատումով, հայու հպարտութեան, ինքնավստահութեան եւ արժանապատուութեան վերակազդուրման գործընթացով:


-  Մարդասիրական հեզ, հաշտ ու խոնարհ մօտեցումով՝ բաժնել, նուիրել, հոգալ ու տալ, գուրգուրալ, սփոփել, ցաւակցիլ ու ծառայել, հաւատալով միշտ Լաւին ու Բարիին, ինչ որ ալ ըլլան դժուարութիւնները, ինչ որ ալ ըլլան անցողակի յուսախաբութիւններն ու անընդհատ մարտահրաւէրները: Օգնել մենք մեզի, որպէսզի Երկինքը մեզի օգնէ...


-  Պաշտպանել երեխայի գերադաս եւ առաջնահերթ իրաւունքները, զայն օժտելով ներկայ եւ ապագայ դժուարութիւններ դիմագրաւելու հմտութեամբ, միաժամանակ ապահովելով իր ներկայի տարրական բարօրութիւնը, մանկական իրաւացի անհոգութիւնը, կեանքի վայելքը եւ անբիծ ուրախութիւնը:


-  Ներշնչել որ այլ անհատներ, ընտանիքներ եւ միութիւններ յղանան ու կիրարկեն նմանօրինակ ծրագիրներ, որովհետեւ Հայութեան բոլոր ուժերուն անխտիր պէտք ունի Հայրենիքը, իր ճակատագրական եւ պատմականօրէն աննախադէպ, ճգնաժամային այս հանգրուանին մէջ:


Երկուքէն երեք շաբաթներու վրայ բոլորուող Ճամբարի ամենօրեայ (նեռարեալ Շաբաթ ու Կիրակի) ծրագիրը, - մշակոյթի, արուեստի, ազգի ու հաւատքի հիմունքներու վրայ պատրաստուած-, կ'ընդգրկէ զուարճալի եւ դաստիարակչական բազմաթիւ խաղեր, մարզական բազմատեսակ զբաղումներ, մշակութայինարտայայտութեան պահեր, երեք ժում սնունդ ու ճաշ, խաղի ձեւով գիտական փաստարկումներ, շարժանկարի ներկայացում, եւ ձեռային աշխատանքներու եւ գեղարուեստի յատուկ ու ճոխ բաժինմը։


Մասնակից երեխաները իւրաքանչիւր օր, իրենց ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներուն հետ, իրենց տուները կը տանին նաեւ ճամբարի ընթացքին իրենց սարքած ձեռարուեստի իւրայատուկգործերը։


Իսկ Ճամբարի աւարտին, Գանատայէն (եւ հետզհետէ, բաժին մըն ալ Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն) տարուած ու յայտագրին ծառայող ամբողջ մթերքն ու ապրանքները լիովին կը բաժնուին երեխաներուն, յաւելեալ նուէրներով եւս։ Որպէս յիշատակ... մինչեւ յաջորդ տարի:


Շուշիի մէջ իրենց կեցութեան տեւողութեան, Հայդուկը, Այտան Տեսիլն ու Պատրոյգը կը ջնջեն որեւէ տարբերութիւն, անջատում կամ հեռաւորութիւն, կը քանդեն բոլոր պատերն ու պարիսպները, ամբողջ էութեամբ կը մխրճուին միջավայրին մէջ եւ լիովին կը դառնան քաղաքի բնակիչներ, Արցախի գործօն ու պատասխանատու քաղաքացիներ:  Այդ ըմբռնողութեամբ, անոր առընչուող պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ – եւ մանաւանդ՝ համատարած հարազատ ընդունելութեամբ –, անոնք այսպէս բաժնեկից ու մասնակից կ'ըլլան տեղւոյն ընդհանուր կեանքին, իրադարձութիւններուն, դէպքերուն, ընկերային ու հասարակական նիւթերուն կամ հարցերուն, եւայլն:


Ճամբարի երեխաներու մասնակցութիւնը անշուշտ ամբողջովին անվճար է:


Իւրաքանչիւր տարուայ Պիւտճէն, միջին հաշուով,  21 օրերու եւ 400 մասնակիցներու չափանիշներով, այժմ կը բոլորուի 28300$-ի շուրջ, եւ կը մանրամասնուի հետեւեալ ձեւով՝

 

Ճամբարի հարկաւոր գոյքեր, իրեր ու ապրանքներ՝ 6500$

Փոխադրութիւն  եւ կեցութիւն՝ 8300$

Ճաշ եւ Սնունդ ՝ 6000$

Նուէրներ՝ 2000$

Անձնակազմի ձեռավարձ ՝ 5000$

Այլազան՝ 500$


Այս հաշիւէն դուրս կը մնայ Հայդուկի եւ Այտայի ապրուստաբեր գործերու ամբողջական առկախումը եւ հետեւաբար նիւթական եկամուտի չքոյութիւնը, գոնէ մէկ ամսուայ տեւողութեամբ (ծրագիրը ունի տեղւոյն վրայ կազմակերպչական եւ վարչական նախապատրաստական գործի անհրաժեշտ հանգրուան):


Վերոյիշեալ բացայայտումը պարզապէս ցոյց կու տայ թէ ծրագրի տեւողութիւնը եւ մասնակիցներու թիւը կախեալ են տուեալ տարուայ պիւտժէի գումարէն:  Երկու տարրեր կը մնան սակայն խորապէս հաստատ, անզիջելի ու անայլայլ՝ ամէն պարագայի ծրագրի տարեկան գործադրութիւնը, եւ գոյքերու, սնունդի ու ծառայութեան միշտ բարձրագոյն որակը:


Առաջին երկու տարիներուն, Հայդուկը եւ Այտան միայն ու բացառապէս իրենց անձնական դրամական կարողականութեամբ իրագործեցին այս ծրագիրը:


Անցած եօթ տարիներու ընթացքին սակայն, Այտայի եւ Հայդուկի «Արամ Մանուկեան» Ճամբարին տեղւոյն վրայ զօրավիգ կը կանգնի իրենց սրտագին ընկեր Նարեկ Յարութիւնեանը, իր հիմնադրած Նարեկացի Արուեստի Միութեան միջոցաւ, որու Շուշիի կեդրոնին մէջ կը գործադրուի ծրագիրը, տեղւոյն բոլոր հնարաւորութիւններու տրամադրելիութեամբ :


Նաեւ մասնաւորապէս հարկաւոր է հաստատել եւ ընդգծել թէ վերջին տարիներուն, Այտայի եւ Հայդուկի ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի կարգ մը անդամները հիմնական զօրակիցներ են նիւթի առարկայ ծրագրին:  Ինքնաբուխ, նշանակելի, կրկնուող եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններու միջոցաւ, այս հարազատ զօրակիցները պարզապէս անհրաժեշտ դարձած են Շուշիի «Արամ Մանուկեան» Ճամբարի կայացման, գոյատեւման, զարգացման եւ յարատեւ գործունէութեան: Անոնք երբեք չեն ուզած որեւէ ձեւով բացայայտուիլ, սակայն անոնց անունները պիտի գտնէք այս կայքէջքին վրայ: Շուշիի երեխաներու անունով՝ դարձեալ շնորհակալութիւն իրենց բոլորին:


Ու այս պատմութիւնը տակաւին անպայման շարունակուելու է...


Փառք Աստուծոյ:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու, տեղեկութիւններու եւ առատ պատկերներու համար, հաճեցէք լիովին այցելել ու վայելել այս կայքէջը:


Home